Yerevan, 11.October.2026,
00
:
00
ՄԵՆՅՈՒ
Futsal tournament Galaxy Champions League 2024 kicks off Unibank is now a regular partner of “Pan-Armenian intellectual movement” IDBank issued another tranche of dollar bonds Green Iphone on the best credit terms at green operator's stores UCOM Provided technical assistance to Shengavit administrative district AMD 9,808,684 to the "City of Smile" Charitable Foundation. The next beneficiary of "The Power of One Dram" is known Unibank offers a “Special” business loan with an interest rate of 8.5% per annum IDBank implements the next issue of nominal coupon bonds Flyone Armenia will start operating regular direct flights Yerevan-Moscow-Yerevan New movie channels in Ucom and good news for unity tariff subscribers


Ամերիկայի Հայ Ավետարանչական ընկերակցության հավաքված գումարով Արցախում չորս մանկապարտեզ է վերանորոգվելու

Ամերիկայի Հայ Ավետարանչական ընկերակցության 100-ամյակի առթիվ Սիդնեյում, Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Հարությունյանի հովանաւորությամբ անցկացված տոնախմբությունների արդյունքում գոյացած 200 հազար դոլար գումարը կուղղվի Արցախի մանկապարտեզների վերանորոգման ծրագրին։ Այս մասին Այս մասին տեղեկացրին Ամերիկայի Հայ Ավետարանչական ընկերակցությունից։

Հաղորդագրության մեջ նշված է. «Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, հիմնուած 1918 թուին, Worcester, MA, որպէս պատասխան հայ ժողովուրդի կրած ահաւոր տառապանքներուն, արդարացուած է. « Մենք հիմնեցինք Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հաւատալով թէ մեր մարտիրոսացեալ հայ ազգը պիտի ապրէր իբրեւ ազգ… Ուրեմն հարկ եւ անհրաժեշտ էր ամէն գնով սատարել մեր ազգային եւ հոգեւոր վերականգման գործին։»  (Վեր. Միհրան Թ. Գալայճեան, առաջին գործադիր տնօրէն Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, 1918)։

Տօնախմբելու հարիւրամեայ ծառայութիւնը աշխարհասփիւռ հայ գաղութներու մէջ եւ իրականացնելու հարիւրամեակի 20 միլիոն տոլարի հանգանակութեան արշաւը, Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, իր գործակիցներուն հետ մէկտեղ, կը կազմակերպէ համաշխարհային տօնախմբութիւններ 2017-2018 տարեշրջանի ընթացքին, որու առաջինը կայացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու New Jersey Նահանգին մէջ, 21 Հոկտեմբեր 2017-ին։

Երկրորդ տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ Սիտնի, Աւստրալիա 15-18 Մարտ 2018-ին, Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, որուն Նախագահ եւ Գործադիր Տնօրէնն է Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեան։ 100 ամեակի հանգանակութեան իր բերած բաժինով, Աւստրալիոյ Աւետարանչականը որոշեց ստանձնել վերանորոգումը Արցախի չորս մանկապարտէզներուն, որոնք են Ստեփանակերտի Յակոբ եւ Լիտիա Պաղտիկեան Մանկապարտէզը, Շուշիի Յակոբ Կարապետ Պիլէզիքեան Մանկապարտէզը, Մարտակերտի Վեր.Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեան Մանկապարտէզը եւ Ասկերանի Մանկապարտէզը։ Միջոցառումները կայացան Արցախի Հանրապետութեան յարգոյ Պետնախարար Պր. Արայիկ Հարությունյանի հովանաւորութեամբ։ Ան ժամանած էր Սիտնի, Աւստրալիոյ Աւետարանչականի հրաւէրով՝ որպէս ներկայացուցիչ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Տիար Բակո Սահակյանի։ Հանդիսութիւններուն ներկայ գտնուեցան արտասահմանէն ժամանած հիւրեր՝ Հայաստան, Ֆրանսա, Լիբանան, Սուրիա եւ ԱՄՆ։ Հիւրաբար ներկայ էին նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան եւ Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան։ 

Սիտնիի մէջ Հարիւր ամեակի տօնակատարութիւնները սկսան Հինգշաբթի 15 Մարտին, Բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսյանի «Վերջին Բնակիչը» շարժապատկերի ցուցադրութեամբ, որ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի մէջ հայկական գիւղի՝ Կիւրճեւանի բնակչութեան տեղահանումը 1988 թուականին։ Շարժապատկերի ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Hoyts Պատկերասրահին մէջ։  Յաջորդ օր, 16 Մարտին կայացաւ Մշակութային, Գեղարուեստական Երեկոյ մը Concourse Թատերասրահին մէջ, ուր հանդէս եկան Հայ եւ այլ ազգի արուեստագէտներ։ Շարք մը պատկառելի հիւրեր ներկայ գտնուեցան երկու միջոցառումներուն, ինչպէս՝ տեղական խորհրդարանի եւ պետական պաշտօնեաներ, Աւստրալիոյ Միացեալ Եկեղեցիի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան՝ Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զիլանտայի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու։ Արցախի Հանրապետութեան Նախարար՝ Պրն. Արայիկ Հարությունյանը յայտնեց իր ջերմագին երախտագիտութիւնը, թէ՛ հրաւէրին եւ թէ՛ Աւետարանչականի տարած աշխատանքին հանդէպ, որուն նպատակն է զօրակցիլ հերոս Արցախին։ Մշակութային երեկոն աւարտեցաւ Առաջնորդ Եպիսկոպոս Նաճարեանի խօսքերով եւ օրհնութեան աղօթքով։ 

Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100 ամեակի Փառաբանութեան Պաշտամունքը տեղի ունեցաւ Կիրակի 18 Մարտին, Սիտնիի Հայ Աւետարանական Միացեալ Եկեղեցիին մէջ, առաջնորդութեամբ Եկեղեցիի Հովիւ՝ Վեր. Յակոբ Սարգիսեանի։ Խուռն էր ներկայութիւնը եկեղեցասրահին ու անոր կից գտնուող սրահին մէջ ուր պաստառի վրայ կը ցուցադրուէր պաշտամունքը։ Պաշտամունքին ներկայ էին Արցախի Պետնախարար Պրն. Հարությունյան, Աւստրալիոյ մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Պրն. Գայլար Միաքայէլեան, NSW-ի Նախարարապետ Ազնուափայլ Օրդ. Կլատիս Պերեճիքլեան, Willoughby-ի քաղաքապետ Վսեմաշուք Gail Giles-Gidney, Rob Floyed, որ կը ներկայացնէր Աւստրալիոյ Միացեալ Եկեղեցիի նախագահը՝ Stuart McMillan, եւ այլ մեծապատիւ հիւրեր։ 

Փորագիր յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Նախարարապետ Օրդ. Պերեճիքլեանին, որ ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իւրայատուկ պարգեւին համար։ Ան շնորհաւորեց Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը իր մատուցած հարիւրամեայ ծառայութեան համար եւ մաղթեց, որ կազմակերպութիւնը յարատեւէ իր գործունէութիւններով։ Խօսք առաւ նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան, փոխանցելով համայն աշխարհի Աւետարանչական ընտանիքի ողջոյնը եւ խտացնելով երկրորդ հարիւրամեակի տեսլականը: Վերապատուելի Դոկտ. Ռընէ Լեւոնեան՝ ԵւրԱսիայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ, իր պատգամին մէջ խօսեցաւ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան եւ առ հասարակ, համայն աշխարհի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու առաքելութեան մասին։ Արտասահմանէն ժամանած բոլոր հովիւները մաս կազմեցին աղօթքներուն եւ Աստուածաշունչի ընթերցումներուն։ 

Հարիւրամեակի տօնակատարութիւններէն ամենէն ուշագրաւը հանդիսացաւ Սիտնիի Miramare Gardens-ի մէջ կայացած Հացկերոյթը շուրջ 280 հիւրերու ներկայութեամբ։ Ներկայ էին Աւստրալիոյ Միացեալ Եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ, Գերաշնորհ Տէր Հայկազուն Եպիսկոպոս Նաճարեան՝ Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զիլանտայի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու եւ Հայր Բարսեղ Սուսանեան՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Աւստրալիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ Տօքթ. Տարագճեան իր խօսքին մէջ ներկայացուց Աւետարանչականի պատմականը եւ անդրադարձաւ կազմակերպութեան ռահվիրաներուն՝ ինչպէս Վերապատուելի Դոկտ. Կիրակոս Չոփուրեան եւ Վեր. Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեան, եւ անոնց ազդու ղեկավարութեան։ «Մեր պարտականութիւնն է հաւատարիմ մնալ այս ժառանգութեան եւ զայն փոխանցել ապագայ սերունդներուն» ըսաւ Տօթք. Տարագճեան։ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան փոխանցեց օրուան պատգամը, աւարտելով՝ «Յառաջ նայելով, Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կը շարունակէ իր բարեսիրական ուղեւորութիւնը։ Աստուած մեզի վստահած է պարտականութիւնը մեր ժողովուրդին դիմակալած նիւթաբարոյական մարտահրաւէրները յաղթահարելու։ Մեր առաքելութիւնն է յոյս ցանել, ժպիտներ քաղել, երազներ իրականացնել, սովածը կերակրել եւ հոգիներ փրկել»։  Խանճեան աւարտեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումն ունեցած էին այս պատմական ու յիշարժան տօնախմբութեան իրագործման մէջ։

Երեկոյի ընթացքին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Ընկերակցութեան նախկին Գործադիր Տնօրէն՝ հանգուցեալ Վեր. Դոկտ. Մովսէս Ճանպազեանին, իր հաւատարիմ ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ 18 տարի առաջ Աւստրալիոյ մէջ Աւետարանչական Ընկերակցութեան մասնաճիւղ մը բանալու իր մտայղացման համար։ Այս առթիւ՝ ՆՍՕՏՏ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Վեր. Ճանպազեանի ուղղած կոնդակը ընթերցեց Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեան, ապա զայն յանձնեց Վեր. Ճանպազեանի տիկնոջ՝ Լուիզա Ճանպազեանին։ Ընտանիքին անունով, Վահագ Ճանպազեան շնորհակալութիւն յայտնեց իր հօր յիշատակը վեր առնող  այս յատուկ յարգանքին համար։ Հանգուցեալ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանին եղբայրը՝ Յակոբ Ճանպազեան, որ չէր կրցած ներկայ գտնուիլ հանդիսութեան, ճարտարօրէն յայտնեց իր երախտագիտութիւնը տեսագրութեան միջոցով, զորս ցուցադրուեցաւ պաստառի վրայ։

Վեր. Դոկտ. Եումշաճըգեան, Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան անունով փորագիր յուշանուէրներ փոխանցեց բարերարներուն, նուիրատուներուն, հիւրերուն, ինչպէս նաեւ Պրն. Հարությունյանին, որ կատարած էր այս ճամբորդութիւնը միանալու Աւետարանչականի հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն։

Իր փակման խօսքին մէջ, Պրն. Հարությունյան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնելու սոյն հրաւէրին համար եւ խօսեցաւ Արցախի ներկայ դրութեան մասին։ Ան ըսաւ. «Ես բարձր կը գնահատեմ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Արցախի մէջ կատարած աշխատանքները եւ յատկապէս ա՛յն գործը որ կը կատարէ Արցախի երեխաներու բարօրութեան համար, որոնք են մեր ապագան»։ 

Երեկոն աւարտեցաւ Տէրունական Աղօթքի երգեցողութեամբ եւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի Նախագահ՝ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի Առաքելական Օրհնութեամբ։

Շաբթուան ընթացքին, արտասահմանի հիւրերը պաշտօնական այցելութիւններ կատարեցին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջնորդ Եպիսկոպոս Նաճարեանին, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Հայր Սուսանեանին, ինչպէս նաեւ Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի եւ ՀԲԸՄ Ալէքսանտր Վարժարանի Տնօրէնութեան»։

“The Golden Hour”: IDBank explains how to respond effectively to a scam attackNelli Kocharyan Presents Converse Bank’s Vision for Development of International Relations at the BACEE Conference BACEE International Conference Kicks Off with Converse Bank as Lead Sponsor Unibank has issued perpetual bonds with an annual coupon yield of 13.2% Ucom Measures the Environmental Impact of Its OperationsUnibank Offers USD-Denominated Bonds with an Annual Coupon Rate of 6% Ucom Becomes an Official Partner of the Armenia-UK Business Forum 2026Ucom Sales and Service Center at 20/52 Erebuni Reopens After Renovation Unibank Joins the Armenian Solar Energy AssociationThe Widely Discussed Dvin Crown Project. A New Visibility Platform for Brands Has Emerged in the Heart of YerevanAmeriabank named Most Innovative Digital Bank in Armenia, alongside 9 Global Finance Digital Banking AwardsUnibank and Picsart Academy Host Kids Day for ChildrenUnibank Issues AMD and USD Bonds with Annual Coupon Rates of 10.3% and 6%Artur Hovhannisyan and the Ambassador of Bulgaria to Armenia discussed a number of programs of mutual interest to Armenia and Bulgaria A new and fantastic story was born in the heart of Yerevan—the spirit of the old city at Hayasa Hotel Old YerevanConverse Bank is Lead Sponsor of the BACEE International Banking Conference Ralph Yirikian on the Cost of Digital Transformation at the 13th Regional HR Conference You Can Now Pay with Idram on Glovo: The Long-Awaited Partnership Is Now a RealityRate.Trading: Currency Exchange on a New Digital PlatformIdram's "City of Good Deeds": From Teamwork to Real Charitable Projects Ucom and FAST Bring Together Artificial Intelligence and Green Innovation From Car Selection to Purchase – All in One Place: Ameriabank to Present its Myar.am Platform and Special Offers at Armenian Auto Show IDBank and the “Dekavva Fund” Stand with People from Artsakh Ucom Supports AI-Powered Camera Installation for Nature Conservation Dmitry Ishkhanov Opens the New Steinway’s Concert Life in Pardubice Ucom Fellowship Participants Meet Ralph Yirikian at UcomUnibank Becomes Title Sponsor of Alashkert Football ClubSergey Smbatyan’s Music for Future Foundation and the Lang Lang International Music Foundation Invite Young Pianists to Apply for the Prestigious Lang Lang Young Scholars ProgramUnibank Call Center Now Available 24/7 on Weekdays Ralph Yirikian Discusses the Challenges of Modern Leadership with Leadership School ParticipantsUnibank Becomes Lead Sponsor of AGBU’s Global Run in Support of Camp NairiUnibank’s Renamed “Tumanyan” Branch Opens at a New LocationUcom Continues Large-Scale Network Modernization, Expanding 5G Coverage and Enhancing Connectivity EBRD’s AMD-denominated bonds listed on AMX; Converse Bank acted as underwriterBecome a Unibank shareholder and acquire perpetual bonds with a 13.25% yieldThe Unprecedented Educational Summer of the 'Armenian Virtuosos'All Armflix Content Is Once Again Available on UplayHayk Melikyan Opens the 5th Festival of Armenian Culture in KatowiceHarutyun Harutyunyan: “The Government Has No Intention of Applying for EU Membership and Adopted the Law to Prevent a Referendum”Ucom Supports Coca-Cola Fest 2026 “Orran” Students Start the New Academic Year with Support from “The Power of One Dram”It is with deep awareness of the seriousness of this supposition as well as concern that we pose the question of the above headline“Armenian Virtuosos” Scholarship Recipients Take the Stage at the 4th International Festival of Youth Orchestras of the WorldUnibank Launches a New Promotion "U-Teenager": Grand Prize — a Summer Course at One of the Top Universities AbroadSEROOND Begins: Armenia’s First Authored School Model Based on Whole-Child Development, Enabled by AI"Unisport" Advances to the Main Round of the UEFA Futsal Champions League Cybersecurity Course Graduates Take Part in Ucom’s “Junior Academy” ProgramUcom Introduces Green Tariff Plans, Turning Everyday Connectivity into Environmental Impact Ucom Launches “Unity Back to School” Special Offer for the New School YearUcom’s Sales and Service Center Reopens at 7 Sayat-Nova Street in Gyumri